2013-01-24 11:58:57

Հերմինէ Նաղդալեան` Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պատուաւոր Անդամ.


Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Մինիոն որոշում տուաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեանին վեհաժողովի պատուաւոր անդամի կոչում շնորհելու մասին:
Ազգային ժողովի հաղորդագրութեան համաձայն, 21 Յունուարին կայացած պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի անդամներ, յանձնախումբերու եւ պատուիրակութիւններու նախագահներ:
«Շուրջ 10 տարի աշխատած եմ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ եւ ատիկա կը նկատեմ իմ քաղաքական ասպարէզիս լաւագոյն էջերէն մէկը»յայտարարեց Հերմինէ Նաղդալեան շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւին համար։ Ան վստահեցուց, որ աշխատանքի տարիներուն միշտ իր պարտականութիւնը նկատած է եւրոպական արժէքները եւ վեհաժողովի սկզբունքները Հայաստանի հետ կամրջելը:








All the contents on this site are copyrighted ©.